Երեքշաբթի, 30. 04. 2024

spot_img

Ապրիլ 24-ը վերածենք տօնի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սիրելի հայրենակիցներ: Ապրիլ 24 է: Անգամ մը եւս Facebook-ը պիտի լեցուի Սարոյեանի խօսքերով, Սեւակի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»ով, Թուրքիոյ դէմ գրառումներով: Անգամ մը եւս ճամբաները պիտի ողողուին հայերով, պաստառներով, եռագոյնով: Անգամ մը եւս պիտի պոռանք, պիտի կանչենք, պիտի հայհոյենք, իսկ յետոյ… յետոյ երբ Ապրիլ 24-ը անցնի եւ Ապրիլ 25-ը գայ, մենք դարձեալ պիտի ընտրենք (այո՛, ընտրութիւն է), հայերէն չխօսիլ, կամ խօսիլ քիչ, շատ քիչ: Որքա՜ն տխուր է. կ՚ամչնանք խօսիլ մեր լեզուն, կ՚արհամարհենք մեր լեզուն, ծաղրի առարկայ կը դարձնենք մեր լեզուն: Չէ՛ տխուր չէ՝ ցաւալի՛ է:

Սիրելի հայրենակիցներ: Մեր շուրջը եթէ նայինք, յստակօրէն պիտի տեսնենք թէ բոլոր ժողովուրդներու պարագային, լեզուն է կարեւորագոյն մշակութային գանձը: Կրնա՞ք երեւակայել ֆրանսացիներ առանց ֆրանսերէնի, յոյներ առանց յունարէնի: Չէ՜: Իսկ հայեր առանց հայերէնի՞…Լեզուն բոլոր ազգերու ինքնութեան ամէնէն մեծ սիւնն է: Լեզուն մեր գրեթէ ամէն ինչն է: Մեր կատակներն է: Բառախաղերն է: Աշխարհի մեր մեկնաբանութիւնը: Մեր գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը, մեր օրօրները, մեր երգե՜րը: Մեր հաւաքական գիտակցութիւնն է: Մեր արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնն է: Եւ լեզուի բացակայութիւնը, անոր ոչնչացումը, այդ է ամենամեծ Ցեղասպանութիւնը: Այլեւս թող ընդունինք:

Սիրելի հայրենակիցներ: Այսօր, եկէք Ապրիլ 24-ը վերածենք տօնի, մահը՝ կեանքի: Եկէք սկսինք հայերէն խօսիլ առանց վախնալու, միշտ երբ առիթը մեզի կը տրուի: Եկէք մէկ կողմ ձգենք «հայերէն պէտք է խօսիմ»ը եւ զայն փոխարինենք «հայերէն կ’ուզեմ խօսիլ»ով: Եկէք, անխտիր, բոլորին հետ՝ ծնողք, ազգական, բարեկամ, զաւակ, հայերէն խօսինք: Եկէք դարձեալ մեր լեզուն քիչ-քիչ սորվինք, անոր հրաշալիքները յայտնաբերենք, իրեն հոգ տանինք եւ յետոյ ձգենք մեր բերանին մէջ շաքարի պէս հալի: Ամէն օր անոր համը առնենք, ամէն օր իրեն հետ ապրինք: Իսկ եթէ մեզ ծաղրեն մեր հայրենակիցները, իբր պատասխան իրենց դարձեալ հայերէն խօսինք: Եկէք կամաց- կամաց մենք վարժուինք եւ վարժեցնենք շուրջինները: Եկէք մեր առօրեան լեցնենք հայերէնով եւ մեր լեզուն վերածենք կանչի. թող մեր լեզուն ըլլայ մեր բողոքի ցոյցը, մեր պայքարը, մեր յաղթանակը:

Եկէք Ապրիլ 24-ը վերածենք տօնի: Եկէք հայերէն խօսինք:

Մեր անուշ լեզուն:

ԱՐՄԱՆ ՄԷՆԷՆՏԵԱՆ

(Մելգոնեանի վերջին շրջանաւարտներէն, 2005)

Աթէնք, Յունաստան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին